Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան` 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Ա. խմբակին մաս կազմող Ազրպէյճան կրեց մրցաշարքի իր երկրորդ պարտութիւնը, երբ Պաքուի մէջ տեղի տուաւ Սերպիոյ դիմաց` 2-1 արդիւնքով:
Անգլիական Ֆուլհեմ ակումբին մաս կազմող յառաջապահ Ալեքսանտր Միթրովիչ նշանակեց իր կազմին երկու կոլերը` 16-րդ եւ 81-րդ վայրկեաններուն:
Այսպիսով, Միթրովիչ հանդիսացաւ առաջին սերպ ֆութպոլիստը, որ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ կը նշանակէ 40 կոլ: