Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Պիպլոս Ժիպէյլի մէջ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը:
Երէկուան այս մրցումը աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 88-70 արդիւնքով (18-17, 41-27, 57-46 եւ 88-70):
Մինչ ՀՄԸՄ կրեց յաջորդական իր երկրորդ պարտութիւնը, անդին Պիպլոս արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը:
Բաղդատմամբ նախորդ մրցումին, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն մօտ զգալի եղաւ պայքարի ոգին եւ իրարու հետ ներդաշնակ խաղաոճը եղաւ աւելի տիրական:
Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցումներուն ՀՄԸՄ շատ աւելի լաւ ներկայացում ունենայ: