Շանվիլի Երկրորդ Պարտութիւնը
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի կազմը այսօր` երեքշաբթի, 30 մարտին հիւրը պիտի ըլլայ Պիպլոսին:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ), պիտի սկսի ժամը 20:00-ին:
ՀՄԸՄ իր ամէն կարելին պիտի ընէ արձանագրելու համար տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը: Երկու կազմերն ալ ցարդ կրած են մէկական պարտութիւն:
Նշենք, որ ժամը 19:00-ին, Թրիփոլիի մէջ Մութթահետ կը հիւրընկալէ Պէյրութը:
Այս հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Շանվիլ, որ հիւրընկալեց Հուփսը, կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը` 80-68 արդիւնքով: Այս յաղթանակը Հուփսի համար եղաւ երկրորդը:
Յաղթական կազմէն Ժորժ Շուէյրի նշանակեց 27 կէտ, իսկ Շանվիլէն Էլի Ռըսթոմ` 24 կէտ: