Ասիոյ ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, 5-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Զ. խմբակին մաս կազմող Ճափոն արձանագրեց իր հինգերորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ մեծ եւ ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Մոնկոլիոյ դէմ` 14-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 5-0) դէմ:
Ճափոնէն հեթրիք մը իրագործեց Եույա Օսաքա, մինչ երեք ուրիշներ երկուքական կոլ նշանակեցին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Ճափոն իր տրամադրութեան տակ ունի 15 կէտ:
Անոր ետին 10 կէտով 2-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Տաճիկիստան: