Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին թեկնածու, ուրուկուէյահայ յառաջապահ Խոաքին Պօղոսեան աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Երկուշաբթի, 29 մարտին, 33 տարեկան ֆութպոլիստը իր ակումբին` Սերոյի հետ կատարեց իր վերջին մրցումը, երբ անոր կազմը Ուրուկուէյի ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ մրցեցաւ Մոնթեվիտէօ Ուոնտըրըրզի դէմ (1-1):
Պօղոսեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, 24-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ:
Մրցումէն ետք անոր ակումբը շնորհակալութիւն յայտնեց եւ հրաժեշտ տուաւ հայկական արմատներ ունեցող ֆութպոլիստին: Ան 2020-էն ի վեր մաս կը կազմէ խումբին:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին Պօղոսեան ելոյթ ունեցած է Ուրուկուէյի, Արժանթինի, Փերուի, Աւստրիոյ եւ Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեանութիւններուն մէջ: