Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը բերէ Այաքս Ամսթերտամի դէմ տեղի ունենալիք «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումին` իր ստացած վնասուածքէն ապաքինած ըլլալով, այս մասին յայտնեց իտալական մամուլը:
Հայրենի ֆութպոլիստը շատ հաւանաբար այսօր` երեքշաբթի, 30 մարտին յաւելեալ բժշկական քննութիւններու ենթարկուի: Անոր վերադարձին գծով հռոմեան ակումբը պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի հրապարակէ շուտով:
Նշենք, որ Այաքս Ամսթերտամ-Ա. Էս. Ռոմա երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 8 ապրիլին: