Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ` Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իր երկրին ազգային խումբին հետ կոլ նշանակեց յաջորդաբար 18-րդ տարին ըլլալով: Այս մասին յայտնեց «Օփթա» կայքը:
36 տարեկան փորթուգալցին, որ իր առաջին կոլը նշանակեց 2004-ին, նախանցեալ օր կոլի հեղինակ դարձաւ` Լուքսամպուրկի դէմ յաղթանակ արձանագրելով (3-1):
Ան իր լաւագոյն ցուցանիշը ունեցաւ 2019-ին, երբ 10 մրցումի ընթացքին նշանակեց 14 կոլ:
Ռոնալտօ ցարդ նշանակած է 103 կոլ: Այս ցուցանիշով ան միայն ետ կը մնայ Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին յառաջապահ Ալի Տայէէն, որ նշանակած է 109 կոլ: