Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Կիսաւարտականին Հասնող Խումբերը Յստակացան
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան կիսաւարտականին հասնող չորս խումբերը: Կիսաւարտականի վերջին տոմսը ապահովեց Ալաշկերտ Երեւան, որ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Երեւանի բանակայիններուն դէմ: Երթին, Ալաշկերտ արձանագրած էր 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նշենք, որ նախապէս, կիսաւարտականի իրենց տոմսերը ապահոված էին Արարատ-Արմենիա, Արարատ եւ բաժակակիր Նոա:




















