Պայէրն Միւնիխի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ ակումբին մաս կազմող լեհ միջազգային յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի, որ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ կատարած մրցումին ծունկի վնասուածք ստացաւ, ամիսով մը պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Այս կը նշանակէ, որ 32 տարեկան ֆութպոլիստը պիտի բացակայի Փարիզ Սեն Ժերմէնի դէմ կատարուելիք երկու մրցումներէն:
«Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, Գերմանիոյ ախոյեանը 7 ապրիլին կը մրցի Ֆրանսայի ախոյեանին դէմ (երթի մրցում), իսկ 13 ապրիլին` դարձեալ նոյն խումբին դէմ (դարձի մրցում):
Գերմանիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան ան ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 25 մրցումի` նշանակելով 35 կոլ եւ կատարելով, 6 էսիսթ: