Երէկ` երկուշաբթի, 29 մարտին, Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ իր աւարտին հասաւ «Եւրասիական Լիկա»-ի պասքեթպոլի 3-րդ միջազգային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը Հայաստանի ախոյեան Վահագնի Սիթիի եւ Լիբանանի ախոյեան Ռիատի Պէյրութի միջեւ:
Կը կարծուէր, որ մրցաշարքին տիտղոսակիրը պիտի ըլլայ Վահագնի Սիթի` նկատի ունենալով, որ հայկական կազմը մրցումին աւարտէն 10 երկվայրկեան առաջ յաղթական էր 75-73 արդիւնքով: Սակայն Ռիատի վերջին երկվայրկեանին Ամիր Սուտի նշանակած 3 կէտնոց կողովին շնորհիւ յաջողեցաւ տանիլ վերջնական յաղթանակը` 76-75 արդիւնքով:
Մրցումի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, եւ Ռիատի ստացաւ իր տիտղոսը:
Մրցաշարքին լաւագոյն մարզիկի տիտղոսը («ԷՄ. ՎԻ. ՓԻ.») ստացաւ Ամիր Սէուտ:
Նշենք, որ երէկ գիշեր մրցումի աւարտէն կարճ ժամանակ ետք, Ռիատիի այս յաղթանակը շնորհաւորեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի: