Իտալական մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան, Եուվենթուսի բերդապահ Ճիանլուիճի Պուֆոն մէկ մրցումով կախակայուեցաւ:
Իտալացի բերդապահը դեկտեմբեր 2020-ին, Փարմայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, հայհոյած ըլլալուն պատճառով հինգ հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուած էր:
Սակայն իտալական դատարանը այդ մէկը անբաւարար նկատելով` որոշեց որ ան պէտք է նաեւ մէկ մրցումով կախակայուի:
Նշենք, որ այժմ 43 տարեկան Պուֆոն ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսաւ 1995-ին` իտալական Փարմային հետ: