1-3 ապրիլին Եգիպտոսի մէջ տեղի կ՛ունենայ լրատուամիջոցներու եւ լրագրողներու ֆութպոլի միջազգային 8-րդ մրցաշարքը, որ այս անգամ պիտի կատարուի Շարմ Շէյխ քաղաքին մէջ:
Հայաստանի լրագրողներու ֆութպոլի հաւաքականը, որ 2019-ին տիրացած էր արծաթ մետալի, պիտի ըլլայ այս մրցաշարքի մասնակցողներուն կարգին:
Հայաստանէն բացի անոր կը մասնակցին հինգ խումբեր եւս` Ուքրանիայէն, Պիելոռուսիայէն, Եգիպտոսէն, Մոլտովայէն եւ Ղազախստանէն:
Երեք օրուան ընթացքին բոլոր խումբերը կը մրցին իրարու դէմ: