Լոնտոնեան Չելսիի եւ փորթուգալեան Փորթոյի միջեւ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երկու մրցումներն ալ պիտի կատարուին Սպանիոյ մէջ` «Քորոնա» ժահրի համավարակին հետեւանքով Մեծն Բրիտանիոյ եւ Փորթուգալի մէջ կիրարկուող օդային հաղորդակցութեան սահմանափակումներուն պատճառով:
Երկու մրցումներն ալ պիտի կատարուին Սեւիլլայի մէջ գտնուող «Ռամոն Սանչես Փիցխուան» մարզադաշտին վրայ, ուր Սեւիլլա կը կատարէ իր մրցումները, այս մասին յայտնեց փորթուգալեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ անոնց միջեւ երթի մրցումը պիտի կատարուի 7 ապրիլին, իսկ դարձի մրցումը` 13 ապրիլին: