Սպանական Սանթիակօ Տէ Քոմփոսթելա քաղաքին մէջ 26-28 մարտին տեղի ունեցած Սպանիոյ ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան, հայ մարզիկները տիրացան չորս գունաւոր մետալի, այս մասին յայտնեց Սպանիոյ մէջ գտնուող Հայաստանի դեսպանատունը:
Նշուեցաւ, որ Ռազմիկ Մայիլեան 44 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ ախոյեան, իսկ աւագ Ռազմիկ Մայիլեան իր կարգին տիրացաւ ոսկի մետալի` 92 քկ դասակարգին մէջ:
Երկու այլ ըմբիշներ եւս տիրացան մետալներու, երբ հանդիսացան 2-րդ եւ 3-րդ:
Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը ջերմօրէն շնորհաւորեց մրցանակակիրները` անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ: