Լոնտոնեան Չելսիի նախկին գլխաւոր մարզիչ Ֆրանք Լամփար շատ հաւանաբար գլխաւորէ Անգլիոյ ֆութպոլի երիտասարդական ազգային խումբը, այս մասին յայտնեց «Տէյլի Մէյլ»-ը:
Նշուեցաւ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը մտադիր չէ երկարաձգել խումբի գլխաւոր մարզիչ Էյտի Պութրոյտի պայմանագրութիւնը` նկատի ունենալ, որ Անգլիա անոր հետ «Եւրօ-2021»-ի աւարտական հանգրուանի մրցումներ սկսաւ երկու պարտութեամբ:
Ֆետերասիոնը նկատի առած է երկու այլ թեկնածուներ ալ` Սթիւ Քուփըր եւ Փոլ Սիմփսոն: