Անգլիական Լիվըրփուլ ֆութպոլի ակումբի սեփականատէր` ամերիկեան «Ֆենուէյ Սփորթց Կրուփ» ընկերութիւնը, ակումբին բաժնետոմսերուն 10 տոկոսը ծախեց 638 միլիոն եւրոյի` ներդրումներ կատարող «ՌետՊըրտ Քափիթալ Փարթնըրզ» ընկերութեան, այս մասին յայտնեց «Տը Թայմզ»-ը:
«Ֆենուէյ Սփորթց Կրուփ» ընկերութիւնը ստիպուած եղաւ այս քայլին դիմելու, որպէսզի կարենայ «Քորոնա» ժահրին պատճառով իր դիմագրաւած տնտեսական բաւական ծանր տագնապէն դուրս գալ:
2020-ին Լիվըրփուլ ունեցաւ 141 միլիոն եւրոյի վնաս մը: Այս գործարքը ակումբին կարելիութիւն պիտի տայ շարունակել «Էնֆիլտ»-ի մարզադաշտին վերակառուցումը եւ յառաջիկայ ամառ իրականացնել մարզիկներու փոխանցումներ` զօրացնելու համար իր կազմը: