Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 1 ապրիլին, ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը կը կատարէ տարեշրջանի իր երրորդ մրցումը` Շանվիլի դէմ:
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունենալիք այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 17:00-ին, փոխան` 20:00-ի, ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ ցարդ կատարած երկու մրցումներուն ալ պարտութիւն կրած է: Նոյնն է պարագան նաեւ Շանվիլին, որ իր կարգին ցարդ յաղթանակէ զուրկ է:
Բնականաբար, բոլոր կազմերուն պարզած վիճակը նոյնն է, եւ ախոյեանութիւնը այդքան ալ սուր պայքարով չի կատարուիր, բայց եւ այնպէս բոլոր խումբերուն ալ պարտաւորութիւնն է ախոյեանութեան մասնակցիլ:
Այսօրուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի արձանագրել տարեշրջանի իրենց առաջին յաղթանակը` փորձելով կիրարկել խմբային լաւ խաղարկութիւն մը:



