«Քորոնա» ժահրին պատճառով մէկ տարիով յետաձգուած «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, տեղի պիտի ունենայ այս տարի, 11 յունիսէն` 11 յուլիսին:
Երէկ «Եու Է. Էֆ. Ա.»-ի գործադիր կոմիտէն պաշտօնապէս յայտարարեց, որ տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան ընթացքին խումբերուն արտօնութիւն պիտի տրուի հինգ մարզիկներու փոփոխութիւն կատարել. «Քորոնա» ժահրին պայմանները նկատի ունենալով:
Այս մէկը պիտի կիրարկուի նաեւ 2021-ին տեղի ունենալիք «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ընթացքին:
Նշենք, որ ներկայ դրութեամբ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումները պիտի կատարուին եւրոպական 12 երկիրներու մէջ, թէեւ կայ այն մտավախութիւնը, որ անիկա տեղի ունենայ մէկ երկրի մէջ: