Երէկ` չորեքշաբթի, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունենալիք Մեմֆիս Կրիզլիզ-Եութա Ճեզ մրցումը բաւական ուշացումով սկսաւ` նկատի ունենալով, որ հիւր խումբին` Ճեզի մարզիկները փոխադրող օդանաւը արտակարգ վայրէջք կատարեց Սոլթ Լէյք Սիթիի օդակայանին մէջ: Լուրը փոխանցեց «Պի. Պի. Սի. »-ն:
Այս միջադէպը տեղի ունեցած է օդանաւի թռիչքէն կարճ ատեն մը ետք, երբ թռչուններու հետ բախման պատճառով օդանաւին շարժակներէն մէկը դադրած է աշխատելէ: Օդաչուները որոշած են անմիջապէս վայրէջք կատարել եւ անոնք յաջողած են իրենց առաքելութեան մէջ, բոլոր ճամբորդներն ալ անվնաս դուրս եկած են օդանաւէն:
Այս պատահարէն քանի մը ժամ ետք խումբը այլ օդանաւով մը մեկնած է Կրիզլիզի մարզադաշտը:



