Պարսելոնայի միջնապահ Ֆիլիփ Քութինիօ դարձեալ պիտի ենթարկուի ծունկի վիրաբուժութեան, այս մասին յայտնեց «Կլոպօ Էսփորթէ»-ն:
Նախորդ յունուարէն ետք ասիկա պիտի ըլլայ պրազիլցիին երրորդ վիրաբուժութիւնը:
Նշուեցաւ, որ անոր վիրաբուժութեան կարիքը զգացուեցաւ Քաթարի մէջ տեղի ունեցած «բժշկական խորհրդակցութեան» մը ընթացքին:
Քութինիօ նախորդ 29 դեկտեմբերէն ի վեր հեռու է ֆութպոլի դաշտերէն: