Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու ոսկիէ մետալակիր, եւրոպական խաղերու տիտղոսակիր եւ Եւրոպայի հնգակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան (97 քկ) երէկ հանդիպեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստներուն հետ:
Ալեքսանեան լուսանկար մը հրապարակեց Խորէն Բայրամեանի, Էդուարդ Սփերցեանի եւ Ալեքսանտր Կարապետեանի հետ:
Ան ֆութպոլիստները շնորհաւորեց եւ անոնց մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ` յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցումներուն, յոյս յայտնելով, որ Հայաստան ամէն գնով կը յաջողի 2022-ի Մոնտիալի աւարտական հանգրուաներուն իր տոմսը ապահովել: