1-0, 1-2 եւ 3-2 ասիկա տեսարան մըն է, որ կարելի չէ պատկերացնել` առանց տեսնելու: Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով երկու յաղթանակ արձանագրած Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ յաղթեց նաեւ իր երրորդ մրցումին, երբ այս անգամ պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Ռումանիան, 3-2 արդիւնքով, եւ գրաւեց Ժ. խմբակին պարագլուխի դիրքը` նկատի ունենալով, որ Գերմանիա իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով կրեց անակնկալ պարտութիւն մը` Մակեդոնիայէն, եւ նահանջեց երրորդ դիրք:
Արդարեւ, 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Խոաքին Քափարոսի գլխաւորած խումբը, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ ապահովեց մրցաշարքի իր 9-րդ կէտը`արձանագրելով բացառիկ յաղթանակ մը կազմի մը դէմ, որ միջազգային ֆութպոլին մէջ ունի մեծ անուն:
Առաջին կիսախաղին որեւէ կոլ չնշանակուեցաւ, եւ խումբերը հանդերձարան ուղղուեցան` փորձելով Բ. կիսախաղին կոլ նշանակել:
Բ. կիսախաղին, Հայաստանի սպանացի գլխաւոր մարզիչ, Խոաքին Քափարոս կատարեց երեք փոփոխութիւն` դաշտ ներկայացնելով Սարգիս Ադամեանը, 19 տարեկան Ժիրայր Շաղոյեանը եւ Էդուարդ Սփերցեանը: Նշենք, որ ռուսական Քրասնոտարի 20 տարեկան միջնապահ Սփերցեան այսպիսով իր նորամուտը նշեց հաւաքականին հետ:
Ան իր նորամուտը նշեց կոլով մը, երբ 56-րդ վայրկեանին ցնցեց Ռումանիոյ բերդապահ Ֆլորեն Նիթայի բերդին ուռկանը:
Սակայն հիւր կազմին պատասխան կոլերը չուշացան, առաջինը` 62-րդ, իսկ երկրորդը` 72-րդ վայրկեանին:
Նշանակուած երկրորդ կոլէն 6 վայրկեան ետք, իր բիրտ խաղարկութեան պատճառով, ռումանացի Ճորճ Փուշքաշ կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Վարազդատ Հարոյեան 87-րդ վայրկեանին նշանակեց հայրենի կազմին հաւասարութեան կոլը, իսկ մրցումին վերջին վայրկեանին Տիգրան Բարսեղեան նշանակեց Հայաստանի յաղթանակի կոլը` փենալթիով:
Այստեղ ուշագրաւ եղաւ այն, որ նշանակուած իւրաքանչիւր կոլէ ետք, դաշտին թրիպիւններուն վրայ կը տիրէր տօնական մթնոլորտ` մարզադաշտը գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուցած հայրենի համակիրներով:
Այսպիսով, Հայաստան, որ իր անպարտելիութեան շարքը հասցուց 8-ի, իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ 2 սեպտեմբերին` հիւրը ըլլալով Մակեդոնիոյ, որմէ երեք օր ետք, այս անգամ հիւրը պիտի ըլլայ Գերմանիոյ, իսկ 8 սեպտեմբերին կը հիւրընկալէ Լիխթնշթայնը:
Երէկուան մրցումին Հայաստան դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով.
Դաւիթ Եուրչենքօ, Յովհաննէս Համբարձումեան, Վարազդատ Հարոյեան, Անտրէ Քալիսիր, Կամօ Յովհաննիսեան, Արտակ Գրիգորեան, Կարէն Մուրատեան (Էդուարդ Սփերցեան, 46-րդ), Խորէն Պայրամեան, Տիգրան Բարսեղեան (Սոլոմոն Ուտօ, 90+3-րդ), Նորպերթօ Պրիասքօ Բալեկեան (Սարգիս Ադամեան, 46-րդ) եւ Ալեքսանտր Կարապետեան (Ժիրայր Շաղոյեան, 46-րդ):