Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 31-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, հիւրընկալեց Լիլը:
Արժանթինցի Մաուրիցիօ Փոքեթինոյի գլխաւորած կազմը իր հիւրէն կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Լիլի քանատացի յառաջապահ` Ժոնաթըն Տէյվիտ, 20-րդ վայրկեանին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիլ մայրաքաղաքի կազմէն խլեց պարագլուխի դիրքը` երեք կէտի առաւելութիւն մը ունենալով անոր վրայ:
Նշենք, որ մրցումին վերջին վայրկեանին, Սեն Ժերմենէն կարմիր քարտ մը ստացաւ պրազիլցի Նէյմար:
Իր կարգին, Լիլ մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, Թիակօ Տիալոյի կարմիր քարտ ստանալէն ետք (90+1-րդ):