Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը խոր վիշտով տեղեկացուց, որ արցախեան պատերազմին, հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ընթացքին հերոսաբար զոհուած է Արցախ ակումբի պասքեթպոլիստ, Հայաստանի 20 տարեկանէն վար հաւաքականի նախկին անդամ Արամ Մկրտչեան:
Անոր աճիւնը գտնուած է պատերազմէն 6 ամիս ետք: 6 ամիս շարունակ անոր բոլոր ընկերները, հարազատները կը սպասէին անոր ողջ վերադարձին, սակայն հրաշք տեղի չունեցաւ:
Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը ցաւակցութիւն յայտնեց Արամ Մկրտչեանի ընտանիքին, հարազատներուն, ընկերներուն` անոր անժամանակ մահուան համար, ինչպէս նաեւ պատերազմի բոլոր զոհերուն հարազատներուն:



