Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը սկսաւ իր մարզական հաւաքին` պատրաստուելու համար «Եւրօ-2022»-ի զտումի մրցաշարքի խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող զտումի վերջին երկու մրցումներուն:
Գլխաւոր մարզիչ Ռուբէն Նազարէթեանի հսկողութեամբ հաւաքականը իր հաւաքը կը կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:
Նշենք, որ Հայաստան 9 ապրիլին Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Ռուսիան, իսկ 14 ապրիլին Փարիզի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Ֆրանսայի: