Մարզական

Քաւանի Մօտ Է Պոքա Ժունիորզ  Տեղափոխուելու

Քաւանի Մօտ Է Պոքա Ժունիորզ Տեղափոխուելու

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի ուրուկուէյցի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի մօտ է Պոքա Ժունիորզ տեղափոխուելու, այս մասին յայտնեց «Ի. ԷՍ. ՓԻ. Էն.»-ը: Այս ուղղութեամբ 34 տարեկան ֆութպոլիստին հետ ուղղակիօրէն կը բանակցի արժանթինեան ակումբին փոխնախագահը` Խուան Ռոման Ռիքուելմէ: Նշենք, որ Քաւանիի գործող պայմանագրութիւնը` մանչեսթըրեան ակումբին հետ, նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը, սակայն այդ պայմանագիրը տարիով մը երկարաձգելու հաւանականութիւն կայ: Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան, ան...

Անթուան Կրիզմանի Երրորդ  Զաւակը Եւս Ծնաւ 8 Ապրիլին

Անթուան Կրիզմանի Երրորդ Զաւակը Եւս Ծնաւ 8 Ապրիլին

Պարսելոնայի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի միջազգային յառաջապահ Անթուան Կրիզման երէկ` հինգշաբթի, 8 ապրիլին, բախտաւորուեցաւ երրորդ զաւակով մը: 30 տարեկան ֆութպոլիստը այս մասին յայտնեց թուիթըրեան իր էջին վրայ` նշելով, որ իր նորածին աղջնակին անունը կոչած է Ալպա: Նշենք, որ Կրիզմանի երեք զաւակներն ալ ծնած են 8 ապրիլին: Առաջին աղջիկը` Միա, 2016-ին, իսկ երկրորդը (մանչ)` Ամարօ, 2019-ին:  

Թենիս.  «Ռոլան Կարոս»-ը Մէկ Շաբաթով Յետաձգուեցաւ

Թենիս. «Ռոլան Կարոս»-ը Մէկ Շաբաթով Յետաձգուեցաւ

Երէկ` հինգշաբթի, 8 ապրիլին, թենիսի «Ռոլան Կարոս»-ի կազմակերպիչները պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ կրան շլեմի միջազգային այս մրցաշարքին ազդանշանը մէկ շաբաթով յետաձգուեցաւ: Անոր զտումի մրցումները պիտի սկսին 24 մայիսին, իսկ հիմնական մրցաշարքը` 30 մայիսին: Ֆրանսայի այս բաց ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի 13 յունիսին: Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր վերջին ելոյթին ընթացքին ըսած էր, որ մշակութային եւ մարզական միջոցառումները երկրին մէջ պիտի սկսին...

Ֆութպոլի Ձիրք Ունեցողներուն  Համար` Փորձ-Քննութիւններ

Ֆութպոլի Ձիրք Ունեցողներուն Համար` Փորձ-Քննութիւններ

Կազմակերպութեամբ «ՍԻ. Էնտ ԷՄ. Սփորթց Մենըճմընթ»-ի եւ գործակցութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, տեղի պիտի ունենան ֆութպոլի յատուկ փորձ-քննութիւններ, 17-23 տարեկան ֆութպոլի սիրահարներու երկսեռ դասակարգերուն մէջ, «Ի. ԷՖ. ՓԻ.-ՖԻԼՏ» մարզադաշտին վրայ (Զուք Մոսպեհ): Ասիկա լաւագոյն առիթը պիտի ըլլայ բոլոր անոնց համար, որոնք այս մարզաձեւին մէջ յատուկ ձիրքեր ունին` նկատի ունենալով, որ անիկա կ՛իյնայ «ԵՈՒ. ԷՍ. ԷՅ. Քոննեք Մի» ծիրին մէջ: Այս քննութիւններուն...

Ծանրաբարձութիւն.  Ռաֆիկ Յարութիւնեան Եւրոպայի Երիտասարդներու  Ախոյեանութեան Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Ծանրաբարձութիւն. Ռաֆիկ Յարութիւնեան Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեանութեան Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց հաւաքականի անդամ, 81 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող Ռաֆիկ Յարութիւնեան, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան հանդիսացաւ Բ. խմբակի ախոյեան` երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 346 քկ (196 եւ 150) արդիւնք մը: Հայրենի 21 տարեկան ծանրաբարձը նաեւ երիտասարդական ախոյեանութեան նոր մրցանիշ մը հաստատեց` առաջին փորձին ընթացքին արձանագրելով 196 քկ արդիւնք մը: Այստեղ պէտք է նշել, որ Եւրոպայի այս ախոյեանութիւնը...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը  9 Դիրքի Ոստում Մը Արձանագրեց

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը 9 Դիրքի Ոստում Մը Արձանագրեց

Երէկ` չորեքշաբթի, 7 ապրիլին, ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու միջազգային նոր դասաւորումը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ վերջերս իր կատարած երեք մրցումներուն բոլորին ալ յաղթանակ արձանագրեց, նոր դասաւորման մէջ մեծ ոստում մը արձանագրեց եւ 99-րդ դիրքէն բարձրացաւ... 90-րդ դիրք: Հայրենի կազմը, որ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի վարկանշային 1273 կէտ, այսպիսով Եւրոպայի գօտիին մէջ մեծագոյն ոստում արձանագրած խումբը հանդիսացաւ:...

Կռփամարտ.  Հայրենի Մարզիկները Երկու  Ոսկի Մետալի Տիրացան Ուքրանիոյ Մէջ

Կռփամարտ. Հայրենի Մարզիկները Երկու Ոսկի Մետալի Տիրացան Ուքրանիոյ Մէջ

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի մաս կազմող երկու անդամներ դարձան ախոյեան` Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին: 69 քկ դասակարգին մէջ, Գուրգէն Մադոյեան աւարտականին յաղթեց ուքրանացի Եարոսլաւ Շամաֆանովին, իսկ Արման Դարչինեան իր յաղթանակը արձանագրեց Ուքրանիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայ կռփամարտիկ Լիպարիտ Ուստեանի դէմ: 52 քկ դասակարգին մէջ, Կորիւն Սողոմոնեան վնասուածքի պատճառով աւարտական...

«Աուըր Կէյմ» Աղջկանց Ֆութպոլի  Միջազգային Մրցաշարք

«Աուըր Կէյմ» Աղջկանց Ֆութպոլի Միջազգային Մրցաշարք

- Լիթուանիա Յաղթեց Յորդանանի` Բացման Մրցումին - Այսօր` Հայաստան-Լիբանան Երէկ Հայաստանի մէջ սկսաւ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուող «Աուըր Կէյմ» աղջկանց ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքը: Բացման մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Չարենցաւանի մէջ, իրարու դէմ մրցեցան Լիթուանիոյ եւ Յորդանանի ֆութպոլի ազգային խումբերը: 65-րդ վայրկեանին Ուկնէ Լազտաուքայթէի նշանակած կոլին շնորհիւ Լիթուանիա արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նշենք, որ նախանցեալ օր տեղի ունենալիք...

Ռէալ Մատրիտ-Պարսելոնա Մրցումին  Իրաւարարը Յստակացաւ

Ռէալ Մատրիտ-Պարսելոնա Մրցումին Իրաւարարը Յստակացաւ

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ Ռէալ Մատրիտ-Պարսելոնա մրցումին կեդրոնի իրաւարարը: «Քլասիքօ»-ի այս ճակատումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ 44 տարեկան սպանացի Անթոնիօ Մաթէու Լաոս (ՖԻՖԱ-ի իրաւարար` 2011-էն ի վեր), որ երէկ գիշեր տեղի ունեցած Պայէրն Միւնիխ-Փարիզ Սեն Ժերմեն («Չեմփիընզ-Լիկ») մրցումին սուլեց: Նշենք, որ Ռէալ Մատրիտ-Պարսելոնա ճակատումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 10 ապրիլին, «Ալֆրետօ Տի...

ՖԻՖԱ-ն Կասեցուց Երկու Երկիրներու  Ֆետերասիոններուն Գործունէութիւնը

ՖԻՖԱ-ն Կասեցուց Երկու Երկիրներու Ֆետերասիոններուն Գործունէութիւնը

Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻՖԱ) մէկ յանձնախումբը երէկ իր հրապարակած մէկ որոշումին մէջ կասեցուց Չատի եւ Փաքիստանի ֆութպոլի ֆետերասիոններուն գործունէութիւնը: Չատի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործունէութեան կասեցումը կը բխի երկրին իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպութեան լիազօրութիւնները ընդմիշտ չեղեալ համարելու, ժամանակաւոր ֆութպոլի ազգային կոմիտէ ստեղծելու եւ ֆետերասիոնին գրասենեակները միշտ իր հսկողութեան տակ պահելու հանգամանքներէն: Ինչ կը վերաբերի Փաքիստանի, անոր ֆութպոլի ֆետերասիոնին գործունէութիւնը կը կասեցուի երրորդ կողմի...

Պոաթենկ Պիտի Հեռանայ  Պայէրն Միւնիխէն

Պոաթենկ Պիտի Հեռանայ Պայէրն Միւնիխէն

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի յետսապահ Ժըրոմ Պոաթենկ ամրան ընթացքին պիտի հեռանայ միւնիխեան ակումբէն, այս մասին յայտնեց գերմանական «Քիքըր» անուանի մարզաթերթը: Նշուեցաւ, որ Պայէրն Միւնիխ պիտի չերկարաձգէ 32 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը: Գերմանացի Պոաթենկ, որ 2011-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ Պայէրնի հետ, ցարդ անոր հետ կատարած է 354 մրցում եւ տիրացած 24 տիտղոսի: Նշուեցաւ, որ ամրան խումբէն պիտի հեռանայ նաեւ աւստրիացի...

Հիւսիսային Քորէա Հրաժարեցաւ Մասնակցիլ  Թոքիոյի Ողիմպիական Խաղերուն

Հիւսիսային Քորէա Հրաժարեցաւ Մասնակցիլ Թոքիոյի Ողիմպիական Խաղերուն

Անգլիական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հիւսիսային Քորէա հրաժարեցաւ իր մասնակցութիւնը բերել յառաջիկայ ամրան ընթացքին տեղի ունենալիք Թոքիոյի ամառնային ողիմպիական խաղերուն: Օրաթերթը յայտնեց, որ Հիւսիսային Քորէայի ողիմպիական կոմիտէն ողիմպիական խաղերուն չմասնակցելու որոշումը տուած էր նախորդ 25 մարտին, սակայն անոր մասին միջազգային մամուլը տեղեկացուց երկուշաբթի, 5 ապրիլին: Նշուեցաւ, որ Հիւսիսային Քորէա այս որոշումին յանգեցաւ, որպէսզի իր երկրին մարզիկները «Քորոնա» Ժահրով...

Վաղուան Մրցումին Մխիթարեանի  Մասնակցութիւնը Կը Յստականայ Այսօր

Վաղուան Մրցումին Մխիթարեանի Մասնակցութիւնը Կը Յստականայ Այսօր

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի մասնակցութիւնը` վաղուան մրցումին, կը յստականայ այսօր, երբ անոր ակումբին կողմէ հրապարակուի պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը: «Եուրոփա Լիկ»-ի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, հռոմեան կազմը վաղը հիւրը պիտի ըլլայ Այաքս Ամսթերտամին: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Նշենք, որ երէկ եւս Մխիթարեան իր փորձերը կատարեց առանձին:

Մարմնամարզութիւն.  Հայաստան Եւրոպայի Ախոյեանութեան  Կը Մասնակցի Հինգ Մարզիկով

Մարմնամարզութիւն. Հայաստան Եւրոպայի Ախոյեանութեան Կը Մասնակցի Հինգ Մարզիկով

Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի տղոց հաւաքականը Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ հինգ մարզիկով: Ախոյեանութեան մասնակցող հինգ մարզիկներն են` Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան, Արթուր Աւետիսեան, Արմէն Պետրոսեան եւ Գագիկ Խաչիկեան: Հայրենի կազմին գլխաւոր մարզիչն է Յակոբ Սերոբեան: Հաւաքականը մրցասպարէզ պիտի մեկնի 18 ապրիլին եւ հայրենիք պիտի վերադառնայ 26 ապրիլին: Եւրոպայի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ...

Հայաստանի Ֆութպոլի Աղջկանց Հաւաքականը  Սկսաւ Նախապատրաստուելու  «Աուըր Կէյմ» Մրցաշարքին

Աղջկանց Ֆութպոլ. Հայաստան-Լիբանան Ա. Հանգրուանի Մրցումը Յետաձգուեցաւ

Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունենալիք աղջկանց ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքի Ա. հանգրուանի Հայաստան-Լիբանան մրցումը յետաձգուեցաւ: Նշենք, որ Հայաստանի մէջ այսօր` չորեքշաբթի 7 ապրիլին կը սկսի «Աուըր Կէյմ» աղջկանց ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքը: Ախոյեանութեան բացման մրցումին Հայաստան պէտք էր մրցէր Լիբանանի դէմ: Սակայն վիզաներու հետ կապուած խնդիրներու պատճառով լիբանանեան պատուիրակութեան Երեւան ժամանումը յետաձգուեցաւ: Այս պատճառով յետաձգուեցաւ Հայաստան-Լիբանան մրցումը, որ պիտի...

Ըմբշամարտ.  Հայաստանի Հաւաքականները Սկսան  Նախապատրաստուելու Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Հաւաքականները Սկսան Նախապատրաստուելու Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Հայաստանի յունահռոմէական եւ ազատ ոճերու հաւաքականները սկսան նախապատրաստուելու Եւրոպայի ախոյեանութեան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը: Ազատ ոճի հաւաքականը, որ նախորդ 4 ապրիլին Օլիմփիաւանի մէջ սկսաւ իր հաւաքին, զայն կ՛աւարտէ 17 ապրիլին: Իսկ նոյն վայրին մէջ, 7-21 ապրիլին յունահռոմէական ոճի ըմբիշները կը կատարեն իրենց հաւաքը: Նշուեցաւ, որ ըմբիշները ողիմպիական խաղերու տոմս ապահովելու համար կարելիութիւն մը եւս պիտի ունենան, երբ Պուլկարիոյ...

Միհրան Յարութիւնեան Մոսկուայի Մէջ  Յաղթեց Իր Ռուս Մրցակիցին

Միհրան Յարութիւնեան Մոսկուայի Մէջ Յաղթեց Իր Ռուս Մրցակիցին

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան, խառն մենամարտերու մարզիկ Միհրան Յարութիւնեան, որ իր 5-րդ մենամարտը կատարեց «ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.»-ի մրցումներուն, արձանագրեց իր չորրորդ յաղթանակը: Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող «Իկըլզ ԷՖ. ՍԻ.-35» մրցաշարքին ծիրին մէջ, Յարութիւնեան, որ մրցեցաւ ռուս Ախմետխան Ախմետովի դէմ, մենամարտը աւարտեց ժամանակէն առաջ` 3 վայրկեան եւ 17 երկվայրկեանի ընթացքին: Նշենք, որ անոր կ՛ընկերակցէր հայկական տարազ հագած պարի...

Սպանական Ֆութպոլ.  Աթլեթիքօ Մատրիտ-Պարսելոնա-Ռէալ  Մատրիտ Պայքարը Նոր Թափ Ստացաւ

Սպանական Ֆութպոլ. Աթլեթիքօ Մատրիտ-Պարսելոնա-Ռէալ Մատրիտ Պայքարը Նոր Թափ Ստացաւ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Աթլեթիքօ Մատրիտ-Պարսելոնա-Ռէալ Մատրիտ պայքարը` տիտղոսի տիրանալու համար, նոր թափ մը ստացաւ: Արդարեւ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Աթլեթիքօ Մատրիտի կրած պարտութիւնը եւ Պարսելոնայի ու Ռէալ Մատրիտի արձանագրած յաղթանակները վտանգեցին առաջինին դիրքը: Այս հանգրուանէն ետք, Աթլեթիքօ Մատրիտ այժմ ունի 66 կէտ, Պարսելոնա` 65 կէտ, իսկ Ռէալ Մատրիտ`...

«VBET» Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. 1-16-րդ Հանգրուանի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Կիսաւարտականի Մրցակիցները Յստակացան

Երէկ` երեքշաբթի, 6 ապրիլին տեղի ունեցաւ «ՎԻՊԵԹ» Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Տիտղոսակիր Նոա կը մրցի Ալաշկերտի դէմ, իսկ ախոյեան Արարատ-Արմենիա իր դէմ կ՛ունենայ Արարատը: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յառաջիկային պիտի հրապարակէ մրցումներուն կայացման թուականները:

Կարէն Գիլոյեան. «Իւրաքանչիւր Մարզիկ Պէտք Է  Հասկնայ, Որ Ազգը Շատ Կարիքը Ունի Յաղթանակի»

Կարէն Գիլոյեան. «Իւրաքանչիւր Մարզիկ Պէտք Է Հասկնայ, Որ Ազգը Շատ Կարիքը Ունի Յաղթանակի»

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան «Արմէնփրես»-ին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ ողիմպիական խաղերուն մասին: Գիլոյեան յայտնեց, որ Թոքիոյի 32-րդ ամառնային խաղերուն շատ երկար ժամանակ չէ մնացած, եւ տարին կարելի է առանձնացնել նոր յաղթանակներով: «Հայաստան ցարդ կրցած է վեց տոմս ապահովել այդ խաղերուն համար, բայց այդ թիւը կրնայ աւելնալ: Կը սպասենք վարկանշային մրցաշարքերու աւարտին, որպէսզի...

Page 519 of 1279 1 … 518 519 520 … 1,279

Արխիւներ