Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 27-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրը եղաւ Լայփցիկին, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը եւ ունեցաւ եօթը կէտի առաւելութիւն մը նոյնինքն անոր վրայ` արձանագրելով 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Գերմանացի Հանս-Տիեթըր Ֆլիքի գլխաւորած կազմին միակ կոլը նշանակեց գերմանացի միջնապահ Լէոն Կորեցքա, 38-րդ վայրկեանին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պայէրն այժմ ունի 64 կէտ, մինչ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Լայփցիկ ունի 57 կէտ:
5-րդ դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Այնթրախթ Ֆրանքֆորթէն:
Տորթմունտ այժմ 21 կէտով ետ կը մնայ Պայէրնէն: