Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, շշուկներ շրջան կ՛ընեն, որ Իտալիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Եուվենթուսի գլխաւոր մարզիչը` Անտրէա Փիրլօ կրնայ կորսնցնել իր պաշտօնը` խումբին արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Եուվենթուս, որ դուրս մնացած է «Չեմփիընզ Լիկ»-էն, նոյն այս մրցաշարքին գծով յառաջիկայ տարեշրջանին իր տոմսը ապահովելու համար բաւական դժուարութիւններ ունի:
Նշուեցաւ, որ շատ հաւանական է, որ անոր պաշտօնը դարձեալ վստահուի Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի, որ անցեալին գլխաւորած է Եուվենթուսը:
Իտալական մամուլը կը յայտնէ, որ եթէ Ալլեկրի այսպիսի առաջարկ մը ստանայ, անպայման պիտի ընդունի զայն` նկատի ունենալով, որ անոր յարաբերութիւնները Եուվենթուսի ղեկավարութեան հետ բաւական սերտ են: