Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Շանվիլը:
Երկու կազմերն ալ, իրենց կատարած նախորդ երկու մրցումներուն պարտութիւն կրած ըլլալով, դաշտ ներկայացան արձանագրելու համար տարեշրջանի իրենց առաջին յաղթանակը:
Տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը արձանագրողը հանդիսացաւ Շանվիլ` պատճառ դառնալով, որ ՀՄԸՄ կրէ տարեշրջանի իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը:
Մրցումը վերջ գտաւ 87-63 արդիւնքով (22-10, 40-22, 70-43, 87-63):
Հիւր կազմը մրցումին տեւողութեան յաջողեցաւ նոյնիսկ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնել մինչեւ` 32-ի (67-35):
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քարլ Զալհում (20 կէտ), իսկ Շանվիլէն` Ժատ Պիթար (21 կէտ):