Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Մանչինիի Հետ Անպարտելի` Վերջին 25 Մրցումներուն
2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն, Գ. խմբակին մաս կազմող Իտալիա արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Լիթուանիոյ դաշտէն:
Այս յաղթանակը Ռոպերթօ Մանչինիի գլխաւորած կազմին համար եղաւ կարեւոր, այն իմաստով, որ Իտալիա անոր գլխաւորութեամբ վերջին 25 մրցումներուն յաջողեցաւ մնալ անպարտելի (20 յաղթանակ, 5 հաւասարութիւն):
Ան այսպիսով կրկնեց գլխաւոր մարզիչ Մարչելլօ Լիփփիի նուաճումը, որ 2004-2006 ժամանակամիջոցին յաջորդաբար 25 մրցումի ընթացքին չէր պարտուած:
Մրցանիշը կը պատկանի Վիթորիօ Փոցոյի, որուն հետ 20-րդ դարու 30-ականներուն Իտալիա յաջորդաբար 30 մրցում մնաց անպարտելի:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական