Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի («ֆայնըլ ֆոր») մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 4 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 21:40-ին, տեղի պիտի ունենայ Ռիատի Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ մրցումը, Ռիատիի դաշտին վրայ` Մանարա:
Նշենք, որ Ռիատի, որ ցարդ տեղի ունեցած երկու մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է, երրորդը արձանագրելու պարագային պիտի ապահովէ աւարտականի իր տոմսը: