Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ մասնակցութիւնը բերաւ «Կոլտմանի Ասիըն Ռափիտ» ճատրակի 7-րդ միջազգային մրցաշարքին, հանդիսացաւ տիտղոսակիր` յաղթելով իր ռուս մրցակիցին` Վլատիսլաւ Արտեմիեւին:
Աւարտական մրցումին երկրորդ օրը եւս հայրենի կրանտմասթըրը յաղթանակ արձանագրեց անոր դէմ` 2-0 արդիւնքով:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին կազմակերպիչներն են աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն եւ աղջկանց միջազգային դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող Հու Եիֆան:
Այստեղ տեղին է նշել, որ Արոնեան ցարդ կը շարունակէ հանդէս գալ Հայաստանի դրօշին տակ: Սակայն մօտիկ ապագային ան պիտի միանայ Միացեալ Նահանգներու ազգային խումբին: