Շաբաթ, 3 յուլիսին, տեղի ունեցան «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի վերջին երկու մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան կիսաւարտականին հասնող վերջին երկու կազմերը:
Կիսաւարտականին հասած առաջին երկու խումբերը եղած էին Սպանիա եւ Իտալիա:
Անոնց երկուքին եկան միանալու Անգլիա եւ Դանիա, որոնք նախանցեալ օր յաղթանակներ արձանագրեցին, յաջորդաբար Ուքրանիոյ եւ Չեխիոյ դէմ:
Հռոմի ողիմպիական մարզադաշտին վրայ Անգլիա մեծ եւ տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Ուքրանիոյ դէմ, 4-0 արդիւնքով:
Կերըթ Սաութկէյտի գլխաւորած կազմին չորս անպատասխան կոլերը նշանակեցին Հերի Քէյն (4-րդ եւ 50-րդ), Հերի Մաքուայըր (46-րդ) եւ Ճորտըն Հենտըրսըն (63-րդ):
Կիսաւարտականին Անգլիա իր դէմ պիտի ունենայ Դանիան, որ քառորդ աւարտականի իր յաղթանակը արձանագրեց Չեխիոյ դէմ` 2-1 արդիւնքով:
Դանիոյ կոլերը նշանակեցին Թոմաս Տելանի (5-րդ) եւ Քասփեր Տոլպերկ (42-րդ), իսկ Չեխիոյ կոլը` Փաթրիք Շիք (49-րդ):
Իտալիա-Սպանիա կիսաւարտականի մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` երեքշաբթի, 6 յուլիսին ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Իսկ Անգլիա-Դանիա մրցումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 7 յուլիսին, դարձեալ Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ, նոյն ժամուն: