Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի պասքեթպոլի աղջկանց 20 տարեկանէն վար հաւաքականը Երեւանի մէջ սկսաւ նախապատրաստուիլ այս ամսուան ընթացքին տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան«Չելընճ» մրցաշարքի Դ. խմբակի մրցումներուն:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Վահագն Յարութիւնեան:
Անոր գլխաւորութեամբ հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 12 մարզիկներ:
13-18 յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան, Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Յունաստան, Զուիցերիա, Ուքրանիա եւ Ալպանիա: