Գերմանական Տորթմունտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը տիրացաւ միայն մետալի մը, այդ ալ շնորհիւ Շանթ Խաչատրեանի (67 քկ), այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այս ախոյեանութեան Հայաստան իր մասնակցութիւնը բերաւ 10 մարզիկով: