Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, այսօր` շաբաթ, 3 յուլիսին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Սալամ Սալիմայի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Էմիլ Լահուտ» մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի ժամը 17:00-ին:
Դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող ՀՄԸՄ, որ նախքան իր այս մրցումը կատարելը արդէն իսկ ապահոված է ֆայնըլֆորի մրցումներուն իր տոմսը, այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 16 կէտ, իսկ անոր մրցակիցը` 3 կէտ: