Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող խումբերէն Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը 19-24 յուլիսին ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ` պատրաստուելու համար 2021-2022 տարեշրջանին:
Հաւաքին ընթացքին նախատեսուած են ֆութպոլի միջազգային բարեկամական երկու մրցումներ, 20 եւ 23 յուլիսին:
Նշենք, որ խումբը արդէն իսկ այժմ իր ուսումնամարզական առաջին հաւաքը կը կատարէ Դիլիջանի մէջ:



