10 յուլիսին Սոչիի մէջ (Ռուսիա) ազդանշանը կը տրուի աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչները:
Երէկ տեղի ունեցաւ մրցումներուն վիճակաձգութիւնը, թէեւ ցարդ զտումի մրցումներ կը կատարուին:
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Լեւոն Արոնեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան իրենց պայքարին կը սկսին 1-64-րդ հանգրուանէն:
Հայկ Մ. Մարտիրոսեան, Յովհաննէս Գաբուզեան եւ Շանթ Սարգսեան իրենց պայքարին կը սկսին 1-128-րդ հանգրուանէն:
Իսկ աղջկանց մրցումներուն, Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը` Էլինա Դանիէլեան, իր պայքարին կը սկսի 1-64-րդ հանգրուանէն:



