Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցող «Ուիմպըլտըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն տպաւորիչ յաղթանակներ արձանագրեցին 6-րդ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր եւ թիւ 1 դասուած աւստրալիացի Էշլի Պարթի:
Ֆետերեր, 6-4, 6-4, 5-7 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց անգլիացի Քամերոն Նոյէի դէմ:
Իսկ աղջկանց մրցումներուն Պարթի 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթեց չեխ Քաթերինա Սինիաքովային:



