Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի թենիսմեն, 25-րդ դասուած Կարէն Խաչանով, երէկ թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ապահովեց «Ուիմպըլտըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի քառորդ աւարտականի իր տոմսը` 1-16-րդ հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին 3-6, 6-4, 6-3, 5-7 եւ 10-8 արդիւնքով յաղթելէ ետք ամերիկացի Սեպասթիան Քորտային:
Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 3 ժամ 50 վայրկեան:
Քառորդ աւարտականի մրցումներուն, 25 տարեկան Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ 10-րդ դասուած քանատացի Տենիս Շափովալով:
1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն յաղթանակ արձանագրեց նաեւ թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որ 6-2, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց Քրիսթիան Կարինի (Չիլի):
Ան 12-րդ անգամ ըլլալով կը հասնի այս հանգրուանին: