Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի նախկին ֆութպոլիստ Նիքոլա Անելքա վստահ է, որ փարիզեան խումբի յառաջապահ, աշխարհի ախոյեան Քիլիան Էմպափէ, մեծ յաջողութիւններու հասնելու համար պէտք է հեռանայ Ֆրանսայէն:
«Եթէ ան կը փափաքի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի կամ Լիոնել Մեսսիի նման յաջողութիւններու հասնիլ, պէտք է միանայ աւելի զօրաւոր ախոյեանութիւններու, որոնց կարգին են Սպանիա եւ Անգլիա», ըսաւ Անելքա:
22 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը մայրաքաղաքի կազմին հետ կ՛աւարտի յառաջիկայ տարեշրջանի աւարտին:
Էմպափէով հետաքրքրուած են Ռէալ Մատրիտ, Պարսելոնա եւ անգլիական շարք մը յառաջատար ակումբներ:



