Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ մրցեցաւ Սալամ Սալիմայի դէմ, արձանագրեց 8-1 արդիւնքով այլ տպաւորիչ յաղթանակ մը:
ՀՄԸՄ-ի կազմին կոլերը նշանակեցին` Ռաուատ Սայյետ (սխալմամբ` իր բերդին մէջ), Ժոզեֆ Նատեր, Քամալ Ահրաժ (3-ական կոլ) եւ Ներսէս Գիւլխանճեան:
Նշենք, որ այսպիսով, վերջին հանգրուանի մրցումներէն ետք, ՀՄԸՄ մնաց անպարտելի միակ կազմը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով` 19 կէտ:



