Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ռիատի Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ երրորդ մրցումը:
Արձանագրելով իր երրորդ յաղթանակը` 107-80 արդիւնքով, Ռիատի ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի Շանվիլ-Աթլաս մրցումին յաղթականին դէմ:
Առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրեց Շանվիլ:



