Եուվենթուսի միջնապահ Արթուր Ռամոս, որ ծունկի վնասուածք ունի եւ շուտով վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի, երկու ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
Պրազիլցի ֆութպոլիստը իր վնասուածքը ստացաւ դեկտեմբեր 2020-ին, սակայն անոր ակումբին բժշկական խմբակը անոր վիրաբուժութիւնը յետաձգեց մինչեւ տարեշրջանի աւարտը:
Այդ վնասուածքին պատճառով ան Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ իր մասնակցութիւնը չկրցաւ բերել «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին:
Արթուր Ռամոս նախորդ ամառ Պարսելոնայէն տեղափոխուած էր Եուվենթուս:
Իտալիոյ ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան ան իր մասնակցութիւնը բերաւ 22 մրցումի` նշանակելով կոլ մը: