Երէկ յետմիջօրէին Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ մրցումը, որուն ընթացքին Ռիատի Պէյրութ հիւրընլալեց Պէյրութը:
Մարուան Տիապի գլխաւորած կազմը` Ռիատի, որ առաջին երկու մրցումներուն պարտուած էր, երէկ, արձանագրեց 70-46 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 19-8, 14-18, 18-11 եւ 19-9:
18-ական կէտ նշանակեցին Տանիելլա Ֆայյատ (Ռիատի) եւ Նաթալի Սվաճեան (Պէյրութ):
Ռիատիէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Թամարա Խալիլ (13 կէտ, 10 ռիպաունտ):
Օրուան իրաւարարներն էին Մարուան Էկօ, Զիատ Թաննուս եւ Փոլ Սըքայեմ: