Երէկ` կիրակի, 18 յուլիսին, «Ֆորմիւլա-1»-ի 2021-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած Սիլվըրսթոնի կրան փրին աւարտեցաւ «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթընի յաղթանակով, հակառակ անոր որ տեղի ունեցաւ բախում մը, անոր եւ «Ռետ-Պուլ»-ի նետերլանտցի վարորդ Մաքս Վերսթափենի միջեւ:
Հեմիլթըն կրան փրին կրցաւ շարունակել, սակայն Վերսթափենի ինքնաշարժը, որ ծանրօրէն վնասուեցաւ, պատճառ դարձաւ, որ վերջինս քաշուի այս կրան փրիէն:
Թէեւ Հեմիլթըն 10 երկվայրկեանի փենալթի մը ստացաւ, սակայն ան յաջողեցաւ 8-րդ անգամ ըլլալով հանդիսանալ առաջին` իր հայրենիքին մէջ: