Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 17 յուլիսին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տինամիք կազմը կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը, երբ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), կը մրցի Մուաուատի դէմ:
Այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան ժամը 21:00-ին:
Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ-ի կազմը արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը` Մարժապայի դէմ:
Վերջինս այսօր կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը, երբ Սատի դաշտին վրայ, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին կը մրցի Ժամիհաթ Ալամիայի դէմ: