Ռուսական Սոչի քաղաքին մէջ կը շարունակուին աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին հանդիպումները:
Երէկ, Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականի անդամ Հայկ Մ. Մարտիրոսեան, որ 1-32-րդ հանգրուանի առաջին մրցումին մրցեցաւ Ազրպէյճանի ամէնէն զօրաւոր ճատրակ խաղացող Շահրեար Մամետեարովի դէմ, արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Անոնք երկուքը այսօր` երկուշաբթի, 19 յուլիսին, դարձեալ պիտի մրցին իրարու դէմ:
Սակայն Շանթ Սարգսեան, չկրցաւ շարունակել մրցաշարքը, երբ 1-64-րդ հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին պարտութիւն կրեց ազրպէյճանցի Նիճաթ Ապպասովէն:
Դասական առաջին երկու մրցումներուն, անոնք իրարու հետ հաւասարութիւն արձանագրեցին:
Սակայն «թայ-պրէյք»-ի առաջին երկու մրցումներուն, Սարգսեան կրեց 1,5-0,5 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը` Էլինա Դանիէլեան, որ 1-16-րդ հանգրուանի առաջին դասական մրցումին մրցեցաւ Ղազախստանի ներկայացուցիչ Տինարա Սատուաքասովայի դէմ, ճերմակ քարերով արձանագրեց հաւասարութիւն մը` 46-րդ շարժումին:
Այսօր` երկուշաբթի, 19 յուլիսին անոնք իրարու դէմ կը կատարեն իրենց երկրորդ դասական մրցումը:
Հաւասարութեան պարագային, անոնք երկուքը վաղը իրարու դէմ պիտի կատարեն «թայ պրէյք»-ի արագ մրցում: