Երեւանի նախկին «Միքա» մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի աղջկանց պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան «Չելընճ» մրցաշարքի Դ. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը, որ նախանցեալ օր կատարեց իր երրորդ մրցումը, կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ` Յունաստանէն, 88-52 արդիւնքով:
Իր կատարած առաջին մրցումին, Հայաստան 88-51 արդիւնքով պարտուած էր Զուիցերիայէն, մինչ երկրորդին` Ուքրանիայէն, 79-66 արդիւնքով:
Վերջին հանգրուանին Հայաստանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ալպանիա: