Երէկ` երկուշաբթի, 19 յուլիսին, Երեւանի մէջ աւարտեցան Եւրոպայի պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար աղջկանց ախոյեանութեան «Չելընճ» մրցաշարքի Դ. խմբակի մրցումները:
Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս մրցաշարքը բաւական անյաջող եղաւ Հայաստանի 20 տարեկանէն վար աղջկանց հաւաքականին համար` նկատի ունենալով, որ կազմը կրեց իր չորրորդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ Ալպանիայէն, 79-72 արդիւնքով:
Հայրենի կազմէն բաւական տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ Արեքօ Օրուջեան, որ նշանակեց 20 կէտ, ինչպէս նաեւ կատարեց 14 ռիպաունտ եւ 9 էսիսթ:
Նախքան այս պարտութիւնը, հայրենի կազմը զիջած էր Զուիցերիայէն, Ուքրանիայէն եւ Յունաստանէն: